Freunde der Mechitaristen
Մխիթարեան Սաներ և Համակիրներ

Home
Գլխաւոր Էջ
Nachrichten
Լուրեր
Kloster
Վանք
Kirche
Եկեղեցի
Links
Յղումներ
Über uns / Kontakt
Մենք / Կապ
 
       Jubiläum   Յոբելեան  

  200 Jahre Mechitaristen-Congregation
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ 200-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ
Ներկայացուեցաւ այս առթիւ լոյս տեսած դրոշմաթուղթը

Մխիթարեան Միաբանութեան Վիեննա հաստատուելու 200-ամեայ (1811-2011) յոբելեանի առիթով Աւստրիական փոստը յատուկ դրոշմաթուղթ հրատարակեց, որուն ներկայացումը տեղի ունեցաւ Մայիս 12-ին, Մխիթարեան վանքի վերանորոգուած ճաշասրահին մէջ:

Այդ հանդիսութեան, որ յոբելինական տօնակատարութեանց բացումը եղաւ, պատուոյ հիւրերն էին Աւստրիայի պապական նուիրակ՝ Փեթեր Արքեպիսկոպոս Ցուրպրիկկըն, Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Շուէտի Հայրապետական Պատուիրակ՝  Հայկազուն Ծ. Վրդ. Նաճարեան, Վիեննայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան՝ Աշոտ Յովակիմեան, Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի համար Աւստրիական դեսպան՝ Միխայէլ Փոսթըլ, Վիեննական փոստի տնօրէն՝ Վոլֆկանկ Լեսիաք, Հայ առաքելական եւ կաթողիկէ համայնքներու  եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Հանդիսութեան բանախօսն էր Վիեննայի Մխիթարեան վանքի աբբահայր՝ Հ. Պօղոս Գոճանեան, որ Մխիթարեան Միաբանութեան եւ յատկապէս Վիեննայի վանքին պատմականը ըրաւ: Աբբահայրը շեշտեց հայ մշակոյթի եւ յատկապէս հայագիտութեան համար Միաբանութեան կատարած բացառիկ դերը, որուն իբր խորհրդանիշ՝ դրոշմաթուղթի վրայ պատկերուած էր Վանքի գրադարանէն շքեղ պահարան մը:

Այնուհետեւ Վիեննական փոստի տնօրէն՝ Վոլֆկանկ Լեսիաք ներկայացուց  գեղեցիկ դրոշմաթուղթը երկու միլիոն տպաքանակով, որոնք «պիտի ցրուին ամբողջ աշխարհ՝ իբրեւ Մխիթարեան Միաբանութեան եւ հայ ազգի պատգամաւորները«:

Մէջընդմէջ  ջութակահարներ Անահիտ Մելիքեան եւ Լիլիթ Գրիգորեան նուագեցին հայ ժողովրդական երգեր:

Դրոշմաթուղթէն զատ ցուցադրուած էին նաեւ  Հայաստանի կենտրոնական պանքի եւ Աւստրիական դրամատան կողմէ, նոյն յոբելինական առիթով, լոյս ընծայուած  արծաթեայ յուշադրամներ, ինչպէս նաեւ սքանչելի նմանատիպ մը (ֆաքսիմիլ)  Մխիթարեան վանքի շատ նուրբ մանրանկարներով մէկ ձեռագրէն:

Հանդիսութեան աւարտին կատարուեցաւ ընդունելութիւն  հացիկներով:

Յոբելինական գլխաւոր տօնակատարութիւնը ՝ ակադեմական հանդէս եւ հանդիսական սուրբ պատարագ՝ տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 10-ին եւ 11-ին վիեննայի մայր վանքին մէջ, իսկ Հոկտեմբերին՝ Երեւանի մէջ, նոյն յոբելեանը պիտի նշուի պետական մակարդակով: