Freunde der Mechitaristen
Մխիթարեան Սաներ և Համակիրներ

Home
Գլխաւոր Էջ
Nachrichten
Լուրեր
Kloster
Վանք
Kirche
Եկեղեցի
Links
Յղումներ
Über uns / Kontakt
Մենք / Կապ
 
       Jubiläum   Յոբելեան     Bilder   Պատկերնէր   Presse

200 JAHRE WR. MECHITHARISTEN
Festgottesdienst zum 200-Jahr-Jubiläum des Mechitharistenklosters


Faksimile des Kodex 543 der Mechitaristen-Congregation

Die Mechitaristen-Kongregation (ein armenisch-benediktinischer Orden) feiert im Jahre 2011 ihr 200-jähriges Bestehen in Wien. Das Kloster in Wien - eines der größten armenischen Kulturzentren außerhalb Armeniens - will zu diesem Jubiläum eine besonders kostbare Handschrift in Faksimile präsentieren: den Kodex 543 der klostereigenen Bibliothek. >>>

ՆՄԱՆԱՏԻՊ
ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԻՒ 543 ՁԵՌԱԳՐԻՆ

Վիեննական Մխիթարեան Միաբանութեան Հայրերը 1772 -ին Վենետիկէն անցան նախ Թրիեստ յետոյ 1811-ի Փետրուարին հաստատուեցան Վիեննա։ Այդ Վիեննա հաստատուելու 200-ամեակն է, որ կ'ուզենք 2011-ին հանդիսապէս նշել։ Մխիթարեան Միաբանութեան մատենադարանի թիւ 543 նմանատիպը (facsimile)  պիտի լոյս տեսնէ։ >>>

FACSIMILE OF CODEX 543 of The Mekhitarist Congregation in Vienna

FAC-SIMILÉ  DU CODEX 543 DE LA CONGREGATION DES MEKHITARISTES A VIENNE

Факсимиле кодекса 543 Конгрегации Мхитаристов в Вене

 

 

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ 200-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ

Մխիթարեան Միաբանութեան Վիեննա հաստատուելու 200-ամեայ յոբելեանի գլխաւոր տօնակատարութիւնները տեղի ունեցան Սեպտեմբեր 10-ին, շաբաթ՝ ակադեմական հանդէսով եւ 11-ին, կիրակի՝  հանդիսական սուրբ պատարագով, վանքի վերանորոգուած եկեղեցւոյ մէջ, հովանաւորութեամբ Վիեննայի արքեպիսկոպոս կարդինալ Քրիստոֆ Շէօնպորնի:

Ակադեմական հանդէսը, որ նոյնպէս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ, ունէր խիտ բովանդակութիւն՝ վեց բանախօսութիւններով եւ մէջընդմէջ երգերով: Մուտքը  հրաւիրատոմսով էր՝ բոլորին նստելու տեղ ապահովելու համար:  Եկեղեցին ծայրէ ծայր լեցուած էր: Ներկայ էին Աւստրիայի պապական նուիրակ՝ Փեթեր Արքեպիսկոպոս Ցուրպրիկկըն, տեղական բարձրաստիճան եկեղեցականներ՝ եպիսկոպոսներ  եւ աբբահայրներ, հայ առաքելական եկեղեցւոյ նախկին Հայրապետական Պատուիրակ՝ Մեսրոպ արք. Գրիգորեան եւ անոր  նորընտիր յաջորդը՝ Հայկազուն Ծ. Վրդ. Նաճարեան, Վիեննայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան՝ Աշոտ Յովակիմեան, Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի համար Աւստրիական դեսպան՝ Միխայէլ Փոսթըլ, Աւստրիայի մշակոյթի նախարարութեան եւ Վիեննայի մշակութային պետական բաժանմունքի ներկայացուցիչներ, հայ եւ աւստրիացի բարեկամներ: Վենետիկէն եկած էր Միաբանութեան ընդհանուր աբբահայրը՝ Հ. Եղիա Քիլաղպեան  վարդապետներով ու ժառանգաւորներով:

Հանդէսը սկսաւ կէսօրէ վերջ ժամը 4-ին: Հանդիսավարը՝ Հարալտ Շիրիքճեան  հիւրերը ողջունելէն յետոյ, կարդաց օրհնութեան գիրերը՝ Վատիկանէն, Արեւելեան Եկեղեցիներու Միաբանութեան Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիի, Անթիլիասէն, Մեծի տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ի եւ Պէյրութէն, Հայ կաթողիկէ Կաթողիկոս-Պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Ի կողմէ:

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ առաջին բանախօսը՝  Վիեննայի աբբահայրը՝  Հ. Պօղոս Գոճանեան, որ ամփոփ ներկայացուց Մխիթարեան Միաբանութեան եւ յատկապէս Վիեննայի մասնաճիւղին 200-ամեայ մշակութային գործունէութիւնը՝ կրթական, գրական, հայագիտական մարզերէ ներս:

Բանախօսութենէն վերջ Տիկին Նինա Սարգսեան իր նուրբ եւ անոյշ ձայնով երգեց Եկմալեան պատարագի «Սուրբ սուրբ»ը: Այս եւ բոլոր յաջորդող երգերուն կ՛ընկերանար երգէոնով տիկին Իլոնա Փեթէօչ:

Երկրորդ բանախօսը՝ Պելճիքայէն, Բենեդիկտեան վանքի մը նախկին աբբահայր Հ. Միշել վան Փարիս, խօսելով մխիթարեան գաղափարականի մասին՝ շեշտեց անոր մէջ կրօնի եւ մշակոյթի անբաժան կապն ու միասնութիւնը:

Տիկին Այդա Բաղրամեան իր լեցուն եւ ուժեղ ձայնով երգեց „Stabat Mater“

Երրորդ բանախօսը՝ Հ. Մեսրոպ Թոփալեան նիւթ առնելով Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան միայն հայագիտական վաստակը, հիացումով յայտնեց իր բարձր գնահատանքը այդ վաստակին:

Տիկին Նինա Սարգսեան երգեց «Տէր, կեցո՛ Դու զՀայս»:

Չորրորդ բանախօսը՝ Դոկտ. Հելմութ Պուշհաուզըն պիտի խօսէր Մխիթարեան վանքի ձեռագիրներու մասին, բայց այդ օր հիւանդանոց պառկած ըլլալով՝ հանդիսավարը կարդաց անոր  գրութեան ամփոփումը:

Տիկին Այդա Բաղրամեան երգեց «Ափսոսանք»ը:

Հինգերորդ բանախօսը՝ Դոկտ. Տիկին Պարպարա Տենշեր տուաւ Մխիթարեան տպարանի պատմականը՝ շատ հետաքրքիր, նոյնիսկ Մխիթարեան Հայրերուն անծանօթ մանրամասնութիւններով:

Տիկին Նինա Սարգսեան երգեց «Կիլիկիա»ն:

Վեցերորդ բանախօսը՝ Հ. Նարեկ Տատուրեան պատմեց այս առիթով կատարուած վանքի եւ եկեղեցւոյ նորոգութիւններու մասին՝ նկարներու ցոլացումով: Վերջին չորս տարիներուն վանքի համալիրը ոչ միայն հիմնովին նորոգուեցաւ, այլ մանաւանդ Յուշարձաններու պահպանութեան պետական մարմնի հսկողութեան տակ՝ բոլորովին վերադարձաւ իր սկզբնական կառոյցին: Մանաւանդ եկեղեցին ստացաւ բացառիկ գեղեցկութիւն՝ անճանաչելի դառնալով:

Վերջին բանախօսութենէն վերջ՝ պատուելու համար վանքին մասնաւոր կերպով նուիրուած երեք անձեր՝ Դոկտ. Երուանդ Զարմանեան, Դոկտ. Ժան Ժաք Շիրիքճեան եւ տիկին Անթուանէթ Ունանեան, աբբահայրը փոքր արարողութեամբ անոնց տուաւ Մխիթարեան երրորդ կարգի անդամակցութիւն:

Տիկին Այդա Բաղրամեան երգեց «Կարօտ»ը կամ «մարտիկի երգ»ը:

Ապա աբբահայր Հ. Պօղոս Գոճանեան ըսաւ իր փակման խօսքը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որ իրնց ներկայութեամբ եւ մանաւանդ գործօն մասնակցութեամբ՝ հանդէսի յաջողութեան նպաստեցին:

Այնուհետեւ ներկաները հաւաքուեցան վանքի բակը, ուր ճոխ հիւրասիրութեամբ եւ բարձր տրամադրութեամբ տօնական մթնոլորտը վայելեցին մինչեւ ուշ երեկոյ:

Սեպտեմբեր 11-ին, կիրակի ժամը ճիշտ 11-ին սկսաւ հանդիսական սուրբ պատարագը վանքի եկեղեցւոյ մէջ: Ներկաները գրեթէ նախորդ օրուան հիւրերն էին: Պատարագեց Վիեննայի վանքին աբբահայրը՝ Հ. Պօղոս Գոճանեան: Երգչախումբը մեծ յաջողութեամբ երգեց Եկմալեանի արական ձայնի համար պատրաստած եռաձայն պատարագը՝ ղեկավարութեամբ Տիկին Կարինէ Ժամկոչեան-Սիմոնեանի եւ Երգէոնի ընկերակցութեամբ Տիկին Իլոնա Փեթէօչի: Օրուան պատշաճ տպաւորիչ քարոզը խօսեցաւ Վիեննայի թեմին ձեռնադրիչ եպիսկոպոս Հէլմութ Քրեցըլ, որ ծնած ըլլալով Մխիթարեան վանքի մօտ եւ դրոշմուած՝ Հապոզեան աբբահօրմէ, մանկութեան տարիներէն միշտ կապը պահած է  վանքին հետ: Օտար հաւատացեալներէն շատեր, որ առաջին անգամ ըլլալով ներկայ եղած էին հայ ծէսով պատարագի, խորապէս տպաւորուած էին հայ ծէսի գեղեցկութեամբ: Պատարագէն վերջ ժողովուրդը նորէն հիւրասիրուեցաւ վանքի բակը, ուր երկար մնացին վայելելով նաեւ Սեպտեմբերի համար անսովոր գեղեցիկ օդը:

 Թղթակցութիւն Վիեննայէն